2012-09-22 13:01:39

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին <<Յիսուս Նազովրեցի>> ի Գիրքի Երրորդ Հատորը։


Սրբազան Քահանայապետին Յիսուս Նազովրեցի -ի երրորդ հատորը որ յատկացուած է Յիսուսի մանկութեան, լոյս պիտի տեսնէ Ս. Ծնդեան տօնէն առաջ, յայտարարած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։Վատիկանի հրատարակչատունը իտալական Րիցցօլի հրատարակչատան պաշտօնապէս յանձնած է գիրքի վաճառման իրաւունքը համայն աշխարհի մէջ։ <<Ժոզէֆ Րացիկեր - Պենետիկտոս ԺԶ-ի գիտական ու հետազօտական աշխատանքին նպատակն է, ճանչցնել Յիսուսի պատգամը - կը կարդանք Սուրբ Աթոռի հրատարակած յաղորդագրութեան մէջ որ գիրքը կը ներկայացնէ որպէս << շատ կարեւոր գործ Աստուածաբանական եւ գիտական գետնի վրայ>>։ Հատորը Րիցցօլի եւ Վատիկանի հրատարակչատուներու համա-հրատարակութիւն մըն է, որոնք արդէն հրատարակած են Յիսուս Նազովրեցի գիրքի առաջին երկու հատորները։








All the contents on this site are copyrighted ©.